Թէ ինչպէս…

Թէ ինչպէս…

Գրութիւն՝ Յասմիկ Շահինեան, նկարազարդում՝ Տաւիտ Փինթոր

Փաթիլը միշտ հետաքրքրական - եւ քիչ մը խենթուկ - ծրագիրներ ունի. ցոյց մը կազմակերպել Ծովինարին մազերը շատ կարճ կտրած սափրիչին դէմ, «Կայտառ կաքաւներ» անունով երգի խումբ մը ստեղծել ամենամտերիմ ընկերուհիին՝ Անուշին հետ, դասարանի նապաստակին վանդակին դուռը բանալ որպէսզի «քիչ մը վազէ» հանրային պարտէզին, Արային սենեակին նոր ներկուած ճերմակ պատերը զարդարել, լման գիշեր մը Անուշենց պարտէզին մէջ բանակում ընել, պարիկներու պալատի տեսքով տարեդարձի կարկանդակ պատրաստել… Բայց երբեմն ամէն ինչ Փաթիլին սպասածին պէս չ՚ընթանար. լա՛ւ որ Անուշը, Արան, Ծովինարը եւ իր ընկերները պատրաստ են իրեն օգնելու։

Փաթիլին, Ծովինարին եւ իրենց ընկերներուն արկածները՝ նկարազարդ եօթը կարճ գրութիւններու մէջ։

Ծախու գինը՝ 12 €
12,5 x 19 սմ, թղթակազմ
80 էջ, գունաւոր տպագրութիւն
ISBN 978-2-9542615-2-2

Արեւմտահայերէն

Մեր գիրքերը գնել